Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի 18-րդը 15 Սեպտեմբեր, Երեքշաբթի երեկոյեան Հարբիյէ Մուհսին Էրթուղրուլ Սահնէսին մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ։ Այս տարի մրցանակին արժանացան Թուրքիայէն կեանքի եւ բնութեան պաշտպան Սիւհէլա Դօղան եւ պաղեստինցի իրաւաբան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ռաջի Սուրանի։
Ընտրող ժիւրին պատուեց Սիւհէլա Դօղանը՝ առաջին հերթին Քազդաղները եւ ընդհանրապէս շրջանի բնական ու մշակութային ժառանգութիւնը հետեւողականօրէն պաշտպանելու, էկոսիստէմին վնասող ծրագիրներուն դէմ իր ձայնը շարունակ բարձրացնելու, ինչպէս նաեւ կիներու մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարելու համար։ Ռաջի Սուրանին ալ արժանացաւ մրցանակին՝ անգամ այն պայմաններուն մէջ իր աշխատանքը շարունակելու համար, երբ Գազայի մէջ իրաւունք խախտումները փաստագրելը չափազանց դժուարացած է, եւ ճնշումներու ու սպառնալիքներու հակառակ՝ օրէնքի գերակայութեան, արդարութեան եւ պատերազմի ազդեցութեան տակ եղող բոլորին արժանապատուութեան նկատմամբ իր հաստատակամ դիրքորուշման համար։
Գիշերը, որու վարումը ստանձնած էր Շէբնեմ Հասսանիսօղի, Հրանդ Տինք Հիմնադրամի նախագահ Ռաքէլ Տինք խաղաղութեան եւ արդարութեան կոչ ուղղեց։ Արարողութեան հիւր բանախօս Թուբա Չանդար յիշեցուց Հրանդ Տինքի հասարակական ապաքինման միտուած մօտեցումը։ Իր մրցանակային ելոյթին մէջ Սիւհէլա Դօղան նշել՝ թէ կը շարունակէ յոյսը մեծցնելու եւ հաւասարապաշտ, արդար, աշխարհիկ ու էկոլոգիական կեանքի համար պայքարը։ Ռաջի Սուրանին ալ խոստովանեց, որ մրցանակը նուիրեց զոհերուն եւ փրկուածներուն, որոնք իրենց ապրածները կիսելով կը նպաստեն ճշմարտութեան հետքերը հետապնդելուն, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի հասարակութեան տարբեր խաւերէն լրագրողներուն, առողջապահական ու մարդասիրական օգնութեան աշխատակիցներուն եւ փրկարար խումբերուն, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք կը պնդեն, թէ միջազգային օրէնքը պէտք է բոլորին համար հաւասար պաշտպանութիւն ապահովէ։
Գիշերին ներկայացուեցաւ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ ներշնչող անձերու եւ նախաձեռնութիւններու վրայ լոյս սփռող «Լոյսեր» տեսանիւթը. բեմ բարձրացան իրենց երաժշտութեամբ Մարալ Այվազ, Արի Բարոքաս, Աննա Սարա Պօղոսեան, Ռաֆֆի Հայրա եւ Սասա Սերափ։ Այս տարվա ժիւրիի կազմում էին նաեւ Պիւլենթ Շըք, Հելենա Մալենօ Գարսօն, Ասենա Գիւնալ, Ճեմալ Քաֆադար եւ Ռաքէլ Տինք։ Լուրը կազմուած է «Ակօս»ին մէջ հրապարակուած նիւթերէն։