
Նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտները, Անգլերէնի լեզուական կարողութիւնները գնահատող Քէյմբրիջ Երիտասարդ Սովորողներու Անգլերէն եւ Քի Ինգլիշ Թեսթ (ՔԵԹ) քննութիւններուն մէջ յաջողութիւն արձանագրեցին։
Դպրոցի տարածած յայտարարութեան համաձայն աշակերտները, մասնակցելով Երիտասարդ Սովորողներու Անգլերէն ծրագրի Սթարթըրս, Մուվըրս եւ Ֆլայըրս մակարդակներուն, ինչպէս նաեւ ՔԵԹ քննութեան, արժանացան միջազգային վաւերականութիւն ունեցող սերտիֆիքատներու։
Յայտարարութեան մէջ, աշակերտներ Պուրաք Կ., Սարին Ատա Ա., Ռալֆ Պուրաք Տ., Եվա Կ., Յուսուֆ Ա. եւ Լիա Լուսին Ջ., ինչպէս նաեւ դպրոցի շրջանաւարտներէն Մատիաս Մուրատ Դ., իրենց յաջողութիւններուն համար շնորհաւորուեցան։ Աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները դպրոցական համայութեան համար հպարտութեան աղբիւր նկատուեցան։
Աշակերտներու պատրաստութեան ընթացքին ներդրում ունեցած Անգլերէնի ուսուցիչներ Մարգրիտ Նըշան, Ասդղիկ Բալըքճիօղլու, Նարօդ Քըյմազ եւ Իրէն Տիւվենճիի ալ իրենց ջանքերուն եւ նուիրեալ աշխատանքին համար շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ։