Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 14:41 Երեւան 15:41
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Համայնք

Էսայան Վարժարանին մէջ ժողովրդավարութեան փորձառութիւն։ Ժողովրդավարութեան Քաղաքը

Էսայան Վարժարանի աշակերտները՝ Հրանտ Դինք Հիմնադրամի Սորվելու Ծրագրերու իրականացուցած Ժողովրդավարութեան Քաղաքը միջոցառման ընթացքին՝ իրենքի՛նց միտքերը արտայայտելով պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ համատեղ որոշում կայացման գործընթացները գործնականօրէն փորձառեցին։

Էսայան Վարժարանին մէջ ժողովրդավարութեան փորձառութիւն։ Ժողովրդավարութեան Քաղաքը

Էսայան Վարժարանի աշակերտները՝ Հրանտ Դինք Հիմնադրամի Սորվելու Ծրագրերու խումբին իրականացուցած Ժողովրդավարութեան Քաղաքը միջոցառման ընթացքին՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու՝ որոշում կայացնելու եւ համատեղ գործելու գործընթացները գործնականօրէն փորձառեցին։

Էսայան Վարժարանը հիւրընկալեց Ժողովրդավարութեան Քաղաքը միջոցառումը՝ որ մասնակցային աշխատանքով հնարաւորութիւն տուաւ աշակերտներուն ծանօթանալու ժողովրդավարութեան մշակոյթին։ Հրանտ Դինք Հիմնադրամի Սորվելու Ծրագրերուն կողմէ վարժարանին մէջ իրականացուած միջոցառման ընթացքին՝ աշակերտները իրենց միտքերը արտայայտելով մասնակցեցան համատեղ որոշում կայացման գործընթացներուն։

Աշխատանքի ամբողջ տեւողութեան՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելու՝ որոշում կայացնելու եւ միասին գործելու վրայ կատարուած գործնականներուն միջոցով աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցած են սորվիլ ժողովրդավարութեան մշակոյթը փորձառելով։

Վարժարանի սոցիալական ցանցերու հրապարակումին մէջ կը նշուէր՝ որ աշակերտները գործուն մասնակցութիւն ցուցաբերեցին միջոցառման եւ աշխատանքի համար շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Հրանտ Դինք Հիմնադրամի Սորվելու Ծրագրերու խումբին։