Էսայեան Վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտները, այցելելով Տաւիթ Սաուդերի «Տրիպտիխ. Յիշողութիւն, Կասկած եւ Ճակատագրեր» ցուցահանդէսը, առիթ ունեցան խորհելու տեխնոլոգիայի, յիշողութեան եւ իրականութեան միջեւ կապի մասին։
Էսայեան Վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտները շրջեցէին Տաւիթ Սաուդերի «Տրիպտիխ. Յիշողութիւն, Կասկած եւ Ճակատագրեր» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ կը հիւրընկալուէր Սէն Պենուա Ֆրանսական Վարժարանի պատմական եկեղեցւոյ մէջ եւ կը դիմաւորէր արուեստասէրները։
Տեխնոլոգիա, յիշողութիւն, տեսողական ընկալում եւ իրականութիւն փոխյարաբերութիւնը տարբեր նայուածքով ներկայացնող ցուցահանդէսը աշակերտներուն հնարաւորութիւն տուաւ բացայայտելու ժամանակակից արուեստը եւ մեկնաբանելու ստեղծագործութիւնները։ Այցելութեան ընթացքին աշակերտները հանդիպեցան արուեստի մտածել տուող եւ հարցադրելու մղող կողմին։
Էսայեան Վարժարանը իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ աշակերտները հաճելի օր մը անցուցին արուեստի հարցադրող աշխարհին մէջ։