
Էսայեան Վարժարանի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները, վարժարանային համայնքի մասնակցութեամբ հաւաքուած կերի եւ անհրաժեշտ պարագաները հասցուցին Կուրթարան Էւ Կենդանիներու Կացարանին։
Էսայեան Վարժարանի աշակերտները, կենդանիներուն օժանդակելու նպատակով կազմակերպուած արշաւի ծիրին մէջ այցելեցին Կուրթարան Էւ Կենդանիներու Կացարանը։ Այցելութեան մասնակցեցին վարժարանի Ժ. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտները։
Աշակերտներու, ծնողներու եւ ուսուցիչներու աջակցութեամբ հաւաքուած կերինէն բացի, կացարանին կարիքաց ցուցակին համաձայն ձեռք բերուած պարագաներն ալ յանձնուեցան Կուրթարան Էւ-ի աշխատակազմին։ Այցելութիւնը հնարաւորութիւն տուաւ, որ աշակերտները տեղւոյն վրայ փորձառեն կենդանիներու նկատմամբ սէրը, զգակցութիւնը, զօրակցութիւնը եւ ընկերային պատասխանատուութիւնը։
Էսայեան Վարժարանը շնորհակալութիւն յայտնեց արշաւին նպաստ բերած աշակերտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ այցի ընթացքին զիրենք հիւրընկալած Կուրթարան Էւ-ի աշխատակազմին։