Տիւրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանը հանդիպեցաւ Էյիւպի Սուրբ Եղիա Եկեղեցւոյ Վարչութեան Նախագահ Արտա Մըխճեանի եւ վարչութեան անդամներու՝ Մելիք Րուբէն Մըխճեան, Սարգիս Ըլդըրըմ եւ Իսա Նալպանտի հետ։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Քհնյ. Շինորք Տօնիկեանը։
Վարչութեան մէջ քիչ առաջ տեղի ունեցած նախագահութեան փոփոխութենէն ետք պաշտօնը ստանձնած Արտա Մըխճեանն ու իրեն միացած պատուիրակութիւնը Պատրիարք Սահակ Բ.-ին յայտնեցին, թէ Սուրբ Եղիա Եկեղեցին կարիք ունի համապարփակ վերանորոգման։ Վարչութեան անդամները ներկայացուցին նախատեսուած վերանորոգութեան ծրագիրը եւ տուին տեղեկութիւններ այդ մասին։
Նոր նախագահ Արտա Մըխճեանի հանգուցեալ հայրը՝ Գրիգոր Մըխճեան, անցեալին եւս Էյիւպի հայ համայնքին անձնուիրաբար ծառայած անձնաւորութիւններու շարքին էր։