Ֆէրիքոյի Մերամետճեան Դպրոցի Ծնողաց Միութեան կազմած Աւանդական Մանտի Օրը կայացաւ Ֆէրիքոյ Եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու Սրահին մէջ։
Ֆէրիքոյի Մերամետճեան Դպրոցի Ծնողաց Միութիւնը, Աւանդական Մանտի Օրուն, մասնակիցները հաւաքեց նոյն սեղանի շուրջ։ Ֆէրիքոյ Եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու Սրահը հիւրընկալեց միջոցառումը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Ֆէրիքոյ Սուրբ Վարդանանց Եկեղեցւոյ հոգեւորականը՝ Հայր Շնորք Վարդապետ Տօնիկեան։
Դպրոցի Ծնողաց Միութեան աւանդական հանդիպումը առիթ դարձաւ մէկ տեղ գալու եւ զրուցելու։
Լուսանկարներ՝ Լոյս Մետիա
