Ֆէրիքյօյի մէջ Կիրակի օր տեղի ունենալիք սէրի սեղանէն առաջ պատրաստութիւնները կը շարունակուին։ Վարժարանին եւ աշակերտներուն օժանդակելու համար միատեղուած կամաւոր կիները անձնուիրութեամբ կ’աշխատին ու կը պատրաստեն սեղանները։
Ֆէրիքյօյ երթացած Շահնուր Կազանչի, տեղւոյն վրայ տեսաւ պատրաստութիւններուն ետին կանգնած ջանքն ու ճիգը։ «Ամէն ափսէ մը՝ մէկ աշակերտ», կըսեն մայրիկները եւ իրենց կատարած գործը կը տեսնեն որպէս ներդրում երեխաներուն կրթութեան եւ ապագային։
«Թող մեր աշխատանքը ձօնուի մեր ձագուկներուն», կ’ըսելով զգացումները կը յայտնեն կիները եւ կ’աւելցնեն. «Անոնք մեր ապագան են։ Քանի դեռ առողջ ենք, անոնց եւ մեր վարժարանին կողքին ենք»։
Մայրիկներուն արտայայտած մտահոգութիւններէն մին ալ ապագային կը վերաբերի. օրը մը սեղան պատրաստելու համար այլեւս երեխա չմնալու միտքը կը տխրեցնէ զիրենք։ Սակայն այսօր աշակերտներուն համար միատեղուելու երջանկութիւնը ուժ կը տայ իրենց աշխատանքին։
Ֆէրիքյօյի աշխատաւոր կիները, պատրաստած ամէն ափսէով կը բաժնուին վարժարանին նկատմամբ իրենց նուիրումին, երեխաներուն հանդէպ սիրոյն եւ հասարակութեան ապագային ունեցած հաւատքին։