Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան, Պոլսոյ քրիստոնեական համայնքներուն կը ծանթանալու նպատակով քաղաք հասած Ֆրանցիսկեան ուխտաւորներու խումբը հիւրասիրեց Քումքափի Պատրիարքարանին մէջ։
Կաթոլիկ Եկեղեցիէ կախեալ Ֆրանցիսկեան միաբանութենէ հոգեւորականներ եւ միանձնուհիներ ներառող բազմամարդ ուխտաւորական խումբը, Պոլիս այցելութեան ծիրին մէջ այցելեց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան։
Իր հիւրերը ջերմօրէն դիմաւորած Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան, ներկայացուց Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին պատմութիւնը, առաքելութիւնը եւ իրականացնելըղ աշխատանքները։ Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Թուրքիոյ Հայերու հասարակական կեանքը եւ եկեղեցական կեանքի գործունէութեան ընթացքը։
Պատրիարք Մաշալեան անդրադարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի դիրքին՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիերարխիական կառուցուածքին մէջ, ինչպէս նաեւ իր վրայ դրած պատասխանատուութիւններուն։ Ան շեշտեց Պոլսոյ տարբեր քրիստոնեական եկեղեցիներու եւ համայնքներու միջեւ հետզհետէ խորացող եղբայրական յարաբերութիւնները։
Քաղաքի քրիստոնեական աւանդութիւնները աւելի մօտիկէ ճանչնալ նպատակադրած Ֆրանցիսկեան ուխտաւորները, այցելութեան ընթացքին փոխուած տեղեկութիւններուն եւ կատարուած հյուրասիրութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով Պատրիարք Մաշալեանին՝ հեռացան Քումքափիէն։