Գարակէօզեան Վարժարանին տնօրէն Նարոտ Վէրոնիք Կուրուօղլու, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ Տատյա Մարաշլեան եւ Մարի Արզուման, այցելեցին «Ժամանակ» թերթի խմբագրատունը եւ շնորհաւորեցին Նատյա Գոչունեանն իր կեանքին եւ մասնագիտական ընթացքին երկու կարեւոր տարեդարձերուն առիթով։
«Ժամանակ»ի փոխանցմամբ՝ ջերմ զրոյցի մթնոլորտի մէջ իրականացուած հանդիպման ընթացքին հիւրերը արտայայտեցին իրենց գնահատանքը Գոչունեանին երկար տարիներու նուիրումին եւ ջանադիր աշխատանքներուն նկատմամբ։
Այցի ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Գարակէօզեան Վարժարանին մէջ, այս երկու տարեդարձներուն առիթով, կազմակերպելու նախատեսուած միջոցառումը։ Հիւրերը նշեցին, որ մօտալուտ օրերուն մտածուած այս նախաձեռնութեամբ նպատակ ունին, որ աշակերտները աւելի մօտէն ճանչնան Գոչունեանն եւ տեղեկանան անոր աշխատանքներու տարբեր կողմերուն։
Աղբիւր՝ «Ժամանակ»