Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարար Ժաննա Անդրեասեան-ի նախագահութեամբ պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Մշակոյթի Օրերուն մասնակցելու նպատակով Հոկտեմբեր 7-ին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիս մեկնեցաւ։ Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն համար կատարուող աշխատանքային այցելութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէ նաեւ փոխնախարար Ալֆրեդ Քոչարեան։
Նախարարութենէն տրուած տեղեկութիւններով, մշակոյթի օրերուն ծիրէն ներս Վրաստանի արուեստասէրներուն պիտի ներկայացուի համապարփակ ծրագիր, որ կը միաւորէ հայ երաժշտութիւնը եւ տեսողական արուեստները։ Ծրագիրին շրջանակին մէջ պիտի իրականացուի Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիկ Նուագախումբի համերգը, եւ պիտի բացուի հայ արուեստագետ Երուանդ Քոչարի գործերէն կազմուած ցուցահանդէս մը։
Այցը կը ներառէ նաեւ մի շարք երկկողմ հանդիպումներ եւ այցելութիւններ։ Քննարկումներուն կեդրոնը պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ մշակութային կապերուն ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան աւելի զարգացումը։