Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 14:20 Երեւան 15:20
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Մարզանք

Հայաստանը մերժեց 2027-ի ԱՊՀ Խաղերուն հիւրընկալելու առաջարկը

Հայաստանը 2027-ի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) Խաղերուն հիւրընկալելու առաջարկը չընդունեց՝ նոյն տարուան ընթացքին հիւրընկալելու նախատեսուած միւս միջազգային միջոցառումները պատճառաբանելով։

Հայաստանը մերժեց 2027-ի ԱՊՀ Խաղերուն հիւրընկալելու առաջարկը
Հայաստանեայց Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութեան փոխնախարար Կարեն Գիլոյան յայտնեց, թէ ԱՊՀ-ի Մարմնակրթութեան եւ Սպորտի Խորհուրդին կողմէ 2027-ի Խաղերուն համար կատարուած հիւրընկալութեան առաջարկին տրուած է ժխտական պատասխան։ Գիլոյան մատնանշեց, որ Հայաստանի 2027-ի մարզական օրացոյցը խիստ ծանրաբեռնուած է։ արքա.ամ

Գիլոյանի յայտարարութեան մէջ Համահայկական Խաղերը, Աշխարհի Ծանրամարտի Առաջնութիւնը եւ Եւրոպայի Գեղարուեստական Մարմնամարզութեան Առաջնութիւնը նշուեցան իբրեւ երկրին մէջ կազմակերպուելու նախատեսուած ձեռնարկներ։ Հայաստան նաեւ հիւրընկալելու է 2027-ի Ֆրանկոֆոնիի Խաղերուն։ Նախարարութեան փոխանցմամբ, 2029-ի ԱՊՀ Խաղերուն հիւրընկալելու հնարաւորութիւնը կրնայ դիտարկուիլ։