Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 14:26 Երեւան 15:26
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Համայնք

«HUYS»-էն Թոփքափու «Լեւոն Վարդուհեան» Նախակրթարանին կրթական աջակցութեան այցելութիւն

«HUYS» Միութիւնը, Թոփքափու «Լեւոն Վարդուհեան» Նախակրթարան կատարած այցելութեան ընթացքին, ներառական կրթութեան աշակերտի կրթական միջավայրի կարիքները գնահատեց։

«HUYS»-էն Թոփքափու «Լեւոն Վարդուհեան» Նախակրթարանին կրթական աջակցութեան այցելութիւն

«HUYS» Միութիւնը, Թոփքափու «Լեւոն Վարդուհեան» Նախակրթարանի խնդրանքով իրականացուած այցելութեան ընթացքին, առաջին դասարանին մէջ ուսանող ներառական կրթութեան աշակերտի կրթական ընթացքը եւ անհատական կարիքները գնահատեց։

«HUYS» Միութիւնը, ներառական կրթութեան աշակերտներու կրթական ընթացքները օժանդակելու նպատակով իրականացուող իր աշխատանքներու շրջանակին մէջ այցելեց Թոփքափու «Լեւոն Վարդուհեան» Նախակրթարան։ Դպրոցի խնդրանքով կատարուած այցելութեան ընթացքին, առաջին դասարանի աշակերտի դասարանային միջավայրէն ներս մասնակցութիւնը եւ կարիքները դիտարկուեցան։

Դիտարկման ընթացքին աշակերտի ակադեմական կարողութիւնները, ուշադրութիւնը եւ հրահանգներու հետեւումը, հաղորդակցական կարողութիւնները, սոցիալական փոխազդեցութիւնը եւ դասարանին ներս վարքագիծը բնական կրթական միջավայրին մէջ գնահատուեցան եւ քննարկուեցան։

Դասարանի ուսուցիչին եւ դպրոցի առնչուած բաժիններուն հետ ալ կարծիքներու փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Աշակերտի կրթական ընթացքը աւելի արդիւնաւէտ եւ աջակցիչ կերպով շարունակուելու համար գնահատումներ կատարուեցան։

«HUYS»-ը, այցելութեան մասին իր պարզաբանման մէջ շեշտեց ներառական կրթութեան աշակերտներու համար կրթութեան մէջ հաւասար հնարաւորութիւններու մուտք ունենալուն եւ անոնց անհատական կարիքները նկատի առնուելուն կարեւորութիւնը։ Միութիւնը նշեց, որ կրթական գործընթացները պէտք է աջակցուին՝ հիմնուելով աշակերտներու ուժեղ կողմերուն վրայ։