

Մասնաւոր Ֆէրիքօյ Մէրամետճեան Դպրոցին նախակրթարանին եւ միջնակարգին ուղեցոյց ուսուցիչ մասնագէտ հոգեբան Ալին Օնարը, «Առաջին դասարանի աշակերտ ըլլալը» վերնագրով զրոյցին մէջ առաջին դասարանի ծնողներուն հետ միտինգ ունեցաւ։
Դպրոցին բաժնուած տեղեկութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ տարրական դպրոց սկսելու տեղը երեխաներու զարգացումին մէջ եւ նոր դպրոցական կեանքին հարմարմանն օգնող ծնողական վերաբերումները։ Արժեւորուեցան երեխաներու սոցիօ-զգացական, բանական եւ հոգեշարժական զարգացումները, ինչպէս նաեւ ինքնախնամքի հմտութիւնները։
Տնային աշխատանքներու հետեւումը, պատասխանատուութեան գիտակցութեան զարգացումը եւ երեխաներուն ինքնուրոյն շարժելու կարողութեան խթանումը եւս եղան զրոյցի օրակարգին մէջ։ Կիսուեցան դիտարկումներ դպրոց-ընտանիք-երեխա միջեւ առողջ հաղորդակցութիւն հաստատելու դերին մասին հարմարման գործընթացին մէջ։