


Հայաստանի Պետական Պարի Անսամբլը, Բուլկարիոյ մէջ տուած համերգէն ետք 13 Սեպտեմբերին Պոլիս եկաւ եւ այցելեց Նարեկեան Սահնէսը։ Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Պէյօղլու Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Վաքըֆի եւ Մարալ Երաժշտութեան եւ Պարի Անսամբլի Արվեստական Տնօրէն Գարբիս Չափքանի հրաւէրով։
Նախկինին միեւնոյն բեմը բաժնած Հայաստանի Պետական Պարի Անսամբլը եւ Մարալ Երաժշտութեան եւ Պարի Անսամբլը այս անգամ կրկին մէկտեղուեցան Պոլիսին մէջ։ Այս հանդիպումը շարունակութիւն մը եղաւ երկու արուեստային հաստատութիւններու միջեւ անցեալէն եկող բարեկամութեան եւ մշակութային յարաբերութիւններուն։
Հայկական պարային մշակոյթին շուրջ կազմուած այս կապը, Նարեկեան Սահնէսին մէջ կատարուած հանդիպումով փոխանցուեցաւ նոր հանդիպման մը։