Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռատիօ Ֆրանս Ինթեռնասիոնալին տուած հարցազրոյցին մէջ նշեց, թէ իր երկիրը ներկայ փուլին պատրաստ չէ անդամակցելու Եւրոպական Միութեան։ Փաշինեան շեշտեց, որ ԵՄ չափանիշներուն համակերպելու համար անհրաժեշտ են համակողմանի բարեփոխումներ։
Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումներուն պատասխանելով՝ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանը մտադրութիւն չունի Մոսկուայի հետ կապերը խզելու կամ վատթարացնելու, ընդհակառակը՝ այս յարաբերութիւններուն զարգացման կողմնակից են։ Միաժամանակ ան ընդգծեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները այլեւս չեն ըլլար անցեալի նման, այսը կապելով շրջանային պայմաններու փոփոխութեան հետ, յատկապէս Ազերբայճանի հետ բախումներու շրջանի անցեալ դառնալուն եւ այսօր խաղաղութեան հաստատման։
Տնտեսական ոլորտին մէջ Փաշինեան ըսաւ, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնը անկախութեան ամրապնդումն է եւ հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան որդեգրումը։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց արտահանման եւ ներմուծման մէջ այլընտրանքային շուկաներու կարեւորութեան վրայ։ Յատկապէս վառելանիւթի ներմուծման մէջ շուկայի բազմազանեցումով, երկիրը աւելի սահմանափակ կերպով ազդեցութեան տակ մնաց համաշխարհային տատանումներէն եւ Ռուսիոյ Ուքրայնայի մէջ զինուորական գործողութիւններուն կողմէ հրահրուած էներգետիկ սղութենէն։
Եւրասիական Տնտեսական Միութենէն դուրս գալու հարցը հանրաքուէի յանձնելու հնարաւորութեան մասին հարցուելէ ետք՝ Փաշինեան նշեց, որ այդպիսի քայլը իմաստ կ՛ունենայ միայն այն պարագային, երբ Հայաստան, գոնէ, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած ըլլայ։ Ներկայ պայմաններուն մէջ սակայն ան կրկնեց, որ երկիրը պատրաստ չէ ԵՄ-ին անդամակցելու։
Այս լուրը կազմուած է Էրմենիհաբերի մէջ տեղ գտած նիւթէն։