


Պէզճեան Մայր Վարժարանին մէջ, 13 Հոկտեմբեր Աղէտներու ռիսկի նուազեցման Համաշխարհային Օրի շրջանակներուն մէջ, աշակերտներու եւ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ երկրաշարժի եւ տարհանման վարժանք իրականացուեցաւ։
Աշակերտներու աղէտային գիտակցութիւնը զարգացնելու նպատակով տեղի ունեցած վարժանքին ընթացքին, երկրաշարժի պահուն կիրառուելիք «Չոքի՛ր–Ծածկուի՛ր–Պինդ բռնուի՛ր» շարժումը մարզուեցաւ։ Աշակերտները նաեւ անվտանգ տարհանման գործընթացները գործնական կերպով փորձառեցին։
Դպրոցի հանրային ցանցերու հաշիւէն կատարուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ աղէտներու պատրաստութիւնը հնարաւոր է ճիշտ տեղեկութեամբ եւ կանոնաւոր կիրառումներով։ Ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ այն փաստին, որ երեխաներուն մօտ փոքր տարիքէն իսկ աղէտային գիտակցութիւն զարգացնելը կենսական է, եւ նշուեցաւ, թէ այս գիտակցութիւնը անվտանգ ապագայի առաջին քայլն է։