

Պէզճեան Վարժարանին մէջ իրականացուած 29 Հոկտեմբերու Հանրապետութեան Տօնի նշման ընթացքին աշակերտները բանաստեղծութիւններով, երգերով, պարերով եւ բեմական ելոյթներով ապրեցան Հանրապետութեան 103-ամեակի յուզումն ու խանդավառութիւնը։
Պէզճեան Վարժարանը Հանրապետութեան հիմնադրութեան 103-ամեակը նշեց աշակերտներուն պատրաստած ծրագիրով։ Հպարտութիւնն ու խանդավառութիւնը առաջատար եղած այս միջոցառումին մէջ Հանրապետութեան հիմնադրութեան տանող պատմական ճանապարհը բեմի վրայ ներկայացուեցաւ։
Աշակերտները՝ իրենց արտասանած բանաստեղծութիւններով եւ երգերով, ինչպէս նաեւ պարերով ու բազմատեսակ ելոյթներով, ծրագրին գույն եւ եռանդ տուին։ Ելոյթներուն մէջ շեշտադրուեցաւ Հանրապետութեան հանդէպ սէրը եւ ապագային հանդէպ յոյսը։
Դպրոցին կողմէ կատարուած բաժնեկցման մէջ Հանրապետութեան հիմնադիր Ղազի Մուստաֆա Քեմալ Աթաթիւրք եւ անկախութեան պայքարի բոլոր հերոսները յիշուեցան յարգանքով, երախտագիտութեամբ եւ աղօթքով։ Արտայայտուեցաւ Հանրապետութեան արժէքները կենդանի պահելու եւ այս արժէքները յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու վճռակամութիւնը։