Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 13:57 Երեւան 14:57
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Համայնքային Մարզանք

Շիշլի Սպոր Քուլիւպի նոր սեզոնի ծրագիրները քննարկուեցան

Շիշլի Սպոր Քուլիւպի նոր սեզոնի ծրագիրները եւ երիտասարդ մարզիկներու զարգացումը, Սևան Սըվաճօղլուի եւ ֆեդերասիոն նախագահներու հետ քննարկուեցան։

Շիշլի Սպոր Քուլիւպի նոր սեզոնի ծրագիրները քննարկուեցան

Շիշլի Սպոր Քուլիւպի նախագահ Ալէն Թեքբըճաք՝ Իսթանպուլի պատգամաւոր Սևան Սըվաճօղլու եւ ֆեդերասիոն նախագահներու հետ հանդիպեցաւ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան քուլիւպի 2026֊2027 սեզոնի պատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ երիտասարդ մարզիկներու սպորտի եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ զարգացումը։

Շիշլի Սպոր Քուլիւպի նախագահ Ալէն Թեքբըճաք, ԱՔ Քուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւոր Դոց. Դր. Սևան Սըվաճօղլու, Թուրքիայի Վոլէյբոլ Ֆեդերասիոնի նախագահ Մեհմեթ Աքիֆ Ըստիւնդաղ եւ Թուրքիայի Բիսիկլեթ Ֆեդերասիոնի նախագահ Էմին Միւֆթիւօղլու միասնաբար հանդիպեցան։

Քուլիւպի տեղեկացմամբ՝ ժողովին ընթացքին ներկայացուեցան 2026֊2027 սեզոնին միտուած աշխատանքային ծրագիրներն ու նախատեսուած գործունէութիւնները։ Քննարկուեցաւ Շիշլի Սպոր Քուլիւպի մարզիկներու զարգացումը, երիտասարդներու սպորտի եւ կրթութեան ապագան, ինչպէս նաեւ Թուրքիայի մարզական յաջողութիւններուն վերաբերող տեսակէտներու փոխանակում իրականացուեցաւ։

Նշուեցաւ, որ Սըվաճօղլուն զրոյցին ընթացքին շեշտեց սպորտի եւ երիտասարդներու զարգացման կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, թէ պիտի շարունակէ աջակցիլ սպորտի ու կրթութեան ոլորտներու մէջ իրականացուող աշխատանքներուն։

Շիշլի Սպոր Քուլիւպը իր հաղորդագրութեան մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Սըվաճօղլուի, Ըստիւնդաղի եւ Միւֆթիւօղլուի ուշադրութեան եւ աջակցութեան համար՝ ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ մարզիկներու զարգացման ուղղուած իր աշխատանքները։