
Թարգմանչաց Վարժարանին «Ապագայի Մասնագիտութիւններու 3-րդ Սեմինար»ին հիւր եղած սննդի ճարտարագիտի Կարմէն Քարտուն Կարաբաղլը, աշակերտներուն հետ բաժնեց իր մասնագիտութեան տարբեր գործնական ոլորտները եւ փորձառութիւնները։
Թարգմանչաց Վարժարանին Ուղղորդման Բաժինէն կազմակերպուած «Ապագայի Մասնագիտութիւններու 3-րդ Սեմինար»ի շրջանակին մէջ, սննդի ճարտարագիտի Կարմէն Քարտուն Կարաբաղլը հանդիպեցաւ աշակերտներուն հետ։
Աշակերտներուն մասնագիտութիւնները ճանչնալուն եւ կարիերայի ընտրանքները գնահատելուն նպաստած այս հանդիպման ընթացքին վարուեցաւ սննդի ճարտարագիտութեան ընդարձակ ընդգրկումին մասին։ Աշակերտները՝ ուղղակիօրէն մասնագէտէ լսելու հնարաւորութիւն ունեցան, որ մասնագիտութիւնը զատ միայն սննդի արտադրութիւնը չէ, այլ նաեւ ընդգրկած է սննդանվտանգութիւն, հիգիենա, որակի վերահսկում եւ առողջ սննդակարգի հետ առնչուած ոլորտները։
Կարաբաղլը իր մասնագիտական փորձառութիւնները փոխանցելով՝ աշակերտներուն ներկայացուց սննդի ճարտարագիտութեան բազմակողմանի բնոյթը։ Վարժարանին վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Կարմէն Քարտուն Կարաբաղլիին՝ աշակերտներուն կարիերայական ուղիին ընձեռած օժանդակութեան եւ բաժնուած տեղեկութիւններուն համար։