Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 14:10 Երեւան 15:10
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Համայնք

Դատեանէն հայական եղանակներ՝ վարժարանին ի նպաստ

Դատեան Վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած համերգին Տագուհի Պօղոսեան եւ Արի Բարդաքճօղլու ներկայացուցին հայ երաժշտութեան սիրուած գործերէն։

Դատեանէն հայական եղանակներ՝ վարժարանին ի նպաստ
Դատեան Վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած «Երգերովս մեր մշակոյթը շողայ» համերգին Տագուհի Պօղոսեան եւ Արի Բարդաքճօղլու բեմ բարձրացան։ Երեկոն նուիրուած էր Հերմինէ Փեհլիւվանլըի յիշատակին եւ մէկտեղեց հայ երաժշտութեան տարբեր սերունդներուն հասած ստեղծագործութիւններ։

Դատեան Վարժարանի «Տիգրան Կիւլմեզգիլ» սրահը, 25 Հոկտեմբեր Կիրակի երեկոյեան, հիւրընկալեց համերգ մը, ուր հնչեցին հայական եղանակներ։ Վարժարանին ի նպաստ կատարուած երեկոյին, նաեւ Դատեանին մէջ պաշտօնավարող Տագուհի Պօղոսեան եւ Արի Բարդաքճօղլու զիրենք լսարանին հետ հանդիպեցան։

Միջոցառումը, որ նուիրուած էր վարժարանին հանգուցեալ նուիրատու Հերմինէ Փեհլիւվանլըի յիշատակին, մեծ հետաքրքրութիւն յարուցեց։ Երեկոյը, երբ դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուն էր, ներկայացուեցաւ ծրագիր մը՝ կ՛ընդգրկէր քնարական երգերէն մինչեւ ժողովրդական եղանակներ ու շարժուն երգեր։

Համերգի առաջին բաժնին բեմ ելաւ Տագուհի Պօղոսեան, որ զգացական մեկնաբանութիւններով ներկայացուց հայ երաժշտութեան սիրուած գործերէն։ Իր շարքին մէջ տեղ գտնեցին «Կիլիկիա» եւ «Քէդաշէն» երգերը, իսկ արուեստագէտը, հանդարտ ու զգացական եղանակներուն կողքին, նաեւ շարժուն ստեղծագործութիւններ բաժնեց լսարանին հետ։

Երկրորդ բաժնին բեմ բարձրացաւ Արի Բարդաքճօղլու։ Արուեստագէտի էներգիայով լի մեկնաբանութիւնը եւ լսարանին հետ հաստատած շփումը աւելցուց սրահի խանդավառութիւնը։ Հիւրերը շարժուն երգերուն միացան ծափահարութիւններով եւ երբեմն ալ միասին երգելով։

Երեկոյին ուշադրութեան արժանի պահերէն մէկը երկու արուեստագէտներու միասին կատարգրած ստեղծագործութիւններն էին։ Պօղոսեան եւ Բարդաքճօղլուի տարբեր մեկնաբանութիւնները միաւորած դիւէթները մեծ հետաքրքրութեամբ ընդունուեցան։ Լսարանին պահանջով, զոյգը երգեց նաեւ «Նունէ, Նունէ» երգը։ Համերգի ամբողջ ընթացքին արուեստագէտներուն կ՚ուղեկցէր նուագախումբ մը, որուն երաժշտական ղեկավարութիւնը ստանձնած էր Արի Ալիճեան։

Միջոցառման ընթացքին ունեցած իր խօսքին մէջ Դատեան Վարժարանի Մշակութային Յանձնախումբի նախագահ Հերմինէ Չընար անդրադարձաւ հայ երգերու դերին՝ մշակութային ինքնութիւնը պահպանելու եւ յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ։ Չընար շեշտեց, որ նման մշակութային նախաձեռնութիւնները պէտք է աջակցութիւն ստանան, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլլին, որոնք նպաստեցին երեկոյին իրականացմանը։