«Ակօս»-ի լուրին համաձայն «Թարգմանչաց» դպրոցի անգլերէնի ուսուցիչ Վարդան Մամիկոնեան, Ստամբուլի Turkcell Պասկետպոլի Զարգացման Կեդրոնին մէջ կազմակերպուած NBA-ի «Basketball Without Borders» (BWB) ճամբարին մէջ մարզիչի պաշտօնով գործեց։ Լուրին մէջ կը փոխանցուի, որ նախաձեռնութիւնը միջազգային մակարդակի պասքէթպոլի ուսուցում մատուցող հարթակ է։
Նոյն լուրին մէջ կը նշուի, որ Մամիկոնեանն ուսանողական տարիներուն ծանօթացած է պասքէթպոլին, 2019-2025 ժամանակաշրջանին MVP եւ Açı Spor Kulübü ակումբներուն մէջ մարզչական աշխատանք կատարած է, եւ հայ համայնքին մէջ կազմակերպուող «Րուբէն Սէմերճեան Պասքէթպոլի Մրցաշար»-ին մասնակցած է։
«Ակօս»-ը կը գրէ, որ այս տարի 25-րդ անգամ իրականացուող BWB նախաձեռնութեան Ստամբուլի ճամբարին աշխարհի տարբեր երկիրներէ խոստումնալից 80 մարզիկ մասնակցեցաւ։
Լուրին համաձայն, Մամիկոնեանն ճամբարին ընթացքին, Cleveland Cavaliers-ի գլխաւոր մարզիչ Kenny Atkinson-ի, ինչպէս նաեւ NBA-ի խաղացողներ Thomas Bryant-ի եւ Saddiq Bey-ի կողքին, յարձակողական վարժանքներու (offensive drills) ուղղուած մարզումներուն մէջ մարզչական աշխատանք իրականացուց։
Լուրը կը հիմնուի «Ակօս»-ին մէջ տեղ գտած տեղեկութիւններուն վրայ։