Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 14:20 Երեւան 15:20
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Հայաստան

Վրաստանի մէջ Հայաստանի Մշակոյթի Օրերը Հոկտեմբերին պիտի սկսին

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին առիթով Վրաստանի մէջ կազմեկերպուելիք «Հայաստանի Մշակոյթի Օրերը» պիտի սկսին Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիկ Նվագախումբի գալա համերգով։ Ծրագրի ծիրին մէջ նաեւ Երվանդ Քոչարեանի գործերը պիտի ներկայացուին արուեստասէրներուն։

Վրաստանի մէջ Հայաստանի Մշակոյթի Օրերը Հոկտեմբերին պիտի սկսին

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին առիթով Վրաստանի մէջ կազմակերպուելիք «Հայաստանի Մշակոյթի Օրերը» Հոկտեմբեր ամսուն պիտի մեկնարկեն արուեստի եւ մշակոյթի միջոցառումներով։

Ըստ Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ միջոցառման ծրագիրին վերաբերող պատրաստութիւնները կը շարունակուին։ Այս ծիրէն ներս Հայաստանի Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի փոխնախարար Տիգրան Վիրաբեան Սեպտեմբեր 3-ին մեկնեցաւ Թիֆլիս եւ հանդիպեցաւ Վրաստանի Մշակոյթի փոխնախարար Գիորգի Միրծխուլաւայի հետ։

Հանդիպման, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանը, քննարկուեցաւ «Հայաստանի Մշակոյթի Օրերու» ծիրին մէջ իրականացուելիք միջոցառումներու կազմակերպումը։ Կողմերը նաեւ մտքեր փոխանակեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման եւ նոր համագործակցութեան հնարաւորութիւններու շուրջ։

Ծրագիրը գալա համերգով պիտի սկսի

Տիգրան Վիրաբեան, Թիֆլիսի իր շփումներուն ծիրին մէջ, այցելեց նաեւ Զաքարիա Փալիաշվիլիի անուան Ազգային Ակադեմական Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնը եւ հանդիպեցաւ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Բադրի Մայսուրաձէին։

Վրաստանի մէջ Հայաստանի Մշակոյթի Օրերու ծրագիրը 7 Հոկտեմբերին պիտի սկսի Հայաստանի Ազգային Ֆիլհարմոնիկ Նվագախումբի գալա համերգով։

Միջոցառումներու ծիրին մէջ, հայ արուեստագէտ Երվանդ Քոչարեանի գործերէն կազմուած ցուցահանդէս մը եւս պիտի ներկայացուի արուեստասէրներուն։ Ցուցահանդէսը նախատեսուած է բաց ըլլալ 7 Հոկտեմբերէն մինչեւ 8 Նոյեմբեր։

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած մշակութային օրերուն նպատակն է նպաստել երկու հարեւան երկիրներու միջեւ մշակութային կապերու ամրապնդման եւ արուեստի ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման։