Անցնիլ բովանդակութեան
Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբեր 2026
Իսթանպուլ 14:33 Երեւան 15:33
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 1500 × 150 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
ԳՈՎԱԶԴ Գովազդի տարածք 300 × 180 Գովազդել →
Համայնք

Զահրատի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով այցելութիւն Պատրիարքարան

Զահրատի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով Ստամբուլ ժամանած Հայաստանէն գրականագէտները այցելեցին Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանին։

Զահրատի ծննդեան հարիւրամեակի առիթով այցելութիւն Պատրիարքարան
Զահրատի ծննդեան հարիւրամեակին նուիրուած գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Երեւանէն Ստամբուլ ժամանած գրականագէտները այցելեցին Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանին եւ ներկայացուցին յիշատակի ծրագիրը եւ բանաստեղծին նախապէս չհրատարակուած գործերը պարունակող նոր գիրքը։

Տիւրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան, 2026 թ. Հոկտեմբերի 12, Երկուշաբթի օրը, Հայաստանէն ժամանած գրականագէտներէ կազմուած պատուիրակութիւնը ընդունեց Պատրիարքարանին մէջ։

Պատուիրակութեան մէջ էին «Սփիւռք» Գիտութեան եւ Կրթութեան Կեդրոնի հիմնադիր տնօրէնը եւ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան Պետական Մանկավարժական Համալսարանի Նոր եւ ժամանակակից Հայ Գրականութեան եւ Ուսուցման Ամբիոնի նախագահ Պրոֆ. Սուրէն Դանիելեան, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի վարիչ Ռուզան Առաքելեան, ինչպէս նաեւ ֆիլոլոգիական գիտութիւններու դոկտոր, «Սփիւռք» Կեդրոնի ղեկավար Քնարիկ Աբրահամեան։ Հիւրերուն կը միացան Պատեր Հարութիւն Վարդապետ Դամատեան, Հայկ Ճինքիշեան եւ Նորա Համպարձումեան։

Պոլսահայ գրականութեան կարեւոր բանաստեղծ Զահրատի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով Համազգայինի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած գիտաժողովին հրաւիրուած հիւրերը, հանդիպումին ընթացքին, ներկայացուցին միջոցառման գրական եւ գիտական ծրագիրը։

Պատուիրակութիւնը նաեւ, հարիւրամեակին առիթով Համազգայինի կողմէ Երեւանի մէջ պատրաստուած եւ Զահրատի նախապէս չհրատարակուած գործերը համախմբող գիրքը յանձնեց Պատրիարք Ամենապատիւին։

Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրերուն այցելութեան եւ նուէր մատուցած հրատարակութեան համար։ Զահրատը յարգանքով յիշելով՝ Պատրիարքը ընդգծեց, որ բանաստեղծին գործերը հաստատուն տեղ մը գրաւած են հայ գրականութեան մէջ, յատկապէս Պոլսահայ գրականութեան մէջ։ Բանաստեղծի հոգւոյն հանգիստ հայցելով՝ ան իր սէրն ու գնահատանքը փոխանցեց պատուիրակութեան անդամներուն։